2015-10-05 11:48:00

Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող` Կարդինալ Փիթեր Էրտոյի զեկոյցը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող` Պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոս եւ Հունգարիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Փիթեր Էրտօ ներկայացուց սիւնհոդոսի աշխատանքային թղթածրարը որ կը ներկայացնէ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու ուղեցոյցը։

Կարդինալ Էրտօ իր զեկոյցին մէջ, խօսելով ընկերային անարդարութիւններուն մասին անդրադարձաւ բռնութիւններուն. աղքատութեան ու գաղթականութեան երեւոյթներուն որոնք մարտահրաւէր մըն են ընտանիքներուն համար։ Անդրադարձաւ ապա վիժումի հարցի մասին ու յայտնեց թէ Ընտանիքին մէջ է որ ''կը սորվինք ի՞նչ ըսել է հասարակաց բարիք'' որովհետեւ  ''ընտանիքը կեանքի ու սիրոյ հասարակութիւն է, տնային եկեղեցի մը հիմնուած սուրբ պսակի խորհուրդի վրայ''։

Այս առընչութեամբ կարդինալ Էրտօ մատնանշեց Քահանաներու կազմաւորումի մասին, որպէսզի անոնք կարենան ընկերակցիլ ընտանիքներուն ու իրենց կարգին կազմաւորեն զանոնք ամուսնութեան կեանքին։ Ընտանիքի առաքելական դերին անդրադառնալով Կարդինալ Էրտօ խօսեցաւ ընտանիքի պետական իշխանութիւններու հետ համագործակցութեան մասին։ Ան ապա անդրադարձաւ ''վիրաւորուած ընտանիքներու'' ու Եկեղեցւոյ` անոնց վերապահելիք ողորմութեան ու հիւրընկալութեան, յատուկ կերպով անդրադառնալով, կենակցող զոյգերու մասին, ամուսնալուծեալ զոյգերու ու անոնց զաւակներու հարցին, որոնք յաճախ այդ  կացութեան զոհերն են։ Հարկ է, ըսաւ կարդինալ Էրտօ, ողորմութեամբ ուղեկցիլ այդ ընտանիքներուն առանց սակայն տարակոյսի տակ դնելու­, Յիսուս Քրիստոսի մեզի սորվեցուցած` Ամուսնութեան անլուծանելիութեան ճշմարտութիւնը։ Աստուծոյ  ողորմութիւնը` ներում կը շնորհէ մեղաւորին, սակայն կը պահանջէ ապաշխարութիւն։

Կարդինալ Էրտօ ապա անդրադարձ կատարեց   ''ապաշխարութեան ճանապարհին'' որ կը հայի ապահարզան եղած եւ դարձեալ ամուսնացած զոյգերուն որոնք` հետեւելով այդ ճանապարհին կրնան խոստովանանքի եւ ս հաղորդութեան խորհուրդներուն մօտենալ։ Աշխատանքային Թղթածրարի  մէկ մասը յատկացուած է հուսկ միասեռականներուն ու անոնց հանդէպ ցուցաբերուելիք ուշադրութեան ու յարգանքին վերյիշելով թէ միասեռականներու միութիւնը հիմ չունի Աստուծոյ` ընտանիքի վերապահած ծրագիրին մէջ։ Սիւնհոդոսի նիստերու նիւթ կը հանդիսանայ նաեւ կեանքի սրբութիւնն ու անոր պաշտպանութիւնը` սաղմէն մինչեւ մահ, ապա մանուկներ որդեգրելու հարցը որ կը դառնայ ընտանիքներու առաքելութեան ձեւ մը։

Սիւնհոդոսական թղթածրարը կ՛եզրափակուի այն յորդորը որ ''Եկեղեցին ըլլալու է Աստուծոյ ողորմութեան վկայ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.